ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստներու Ծրագիրը Բաց է 2026-2027 Տարեշրջանի Դիմումներու Համար

ՓԱՍԱՏԻՆԱ – Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթանպաստներու Հիմնադրամի յանձնախումբը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի կրթաթոշակային ծրագրի դիմումներու շրջանի բացումը:

2026 թուականի Ապրիլ 1-էն սկսեալ, համապատասխան պայմանները լրացնող համալսարանի նախաւարտական (undergraduate) ուսանողները կը խրախուսուին դիմելու այս արժէքաւոր կրթական առիթին:

Մինչեւ $2,000 կրթաթոշակներ պիտի տրամադրուին այն արժանաւոր ուսանողներուն, որոնք կը բաւարարեն հետեւեալ չափանիշները.
. Ըլլալ հայկական ծագումով
. Լիաժամ ուսանիլ ԱՄՆ-ի ճանաչուած քառամեայ համալսարանի մէջ
. Պահպանել առնուազն 3.5 GPA
. Ցոյց տալ համայնքային ծառայութեան մէջ գործուն մասնակցութիւն

Լրացուած դիմումները վերջնաժամկէտին համապատասխան փոստային կնիքով, պէտք է ներկայացուին ոչ ուշ քան 2026 թուականի Յունիս 30-ին` հետեւեալ հասցէով.
https://aebu.org/our-programs/scholarship/

Փոստով ուղարկուելիք դիմումները պէտք է հասցէագրուին`
AEBU Scholarship Committee
1060 N© Allen Ave©
Pasadena, CA 91104

Օգնութեան կամ հարցումներու համար, կը խնդրուի կապ հաստատել յանձնախումբին հետ` (626) 344-7321 հեռաձայնի թիւով:

Կրթաթոշակ ստացողները պիտի տեղեկացուին մինչեւ 2026 թուականի Յուլիս 31, իսկ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2026 թուականի Օգոստոս 23-ին:

1969-ին հիմնուած Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը կը շարունակէ իր երկարամեայ նուիրումը կրթութեան` տրամադրելով կրթաթոշակներ եւ աջակցելով համայնքային ծառայութեան նախաձեռնութիւններուն: Կազմակերպութիւնը հիմնուած է կրթական նպաստներու  միջոցաւ աջակցելու Հայ ուսաղներու կարողութեան բարձրացման  եւ կը մնայ յանձնառու հայկական համայնքին մէջ ակադեմական գերազանցութեան հնարաւորութիւններ ստեղծելուն:

Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններու համար այցելեցէք` https://aebu.org/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *