ՀԿԲՄ Կը Ներկայացնէ 2022-2023 Տարեշրջանի Կրթանպաստներու Արժանացած Ուսանողները

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) Կրթանպաստներու Հիմնադրամի Յանձնախումբը ուրախ է յայտարարելու իր 2022-2023 տարեշրջանի մրցանակակիրները՝ Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն:
ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստներու Յանձնախումբը ստացած էր մեծ թիւով դիմումներ՝ բարձր որակաւորում ունեցող թեկնածուներէ, երեք երկիրներու մէջ: Ընտրութեան գործընթացը բաւական դժուար էր, սակայն բաւարարութիւն պատճառող: Հինգ ուսանողներ ընտրուեցան Միացեալ Նահանգներէն, իսկ երկուքական հոգի Հայաստանէն եւ Լիբանանէն:
Ամերիկահայ ուսանողներու մրցանակներու յանձնումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 14-ին, հանգանակային նախաճաշի մը ընթացքին, Միութեան Փասատինայի կեդրոնէն ներս ՀԿԲՄևի բարերարներու, համակիրներու եւ ուսանողներու ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ:
Ներկաներուն ողջունեց Յանձնախումբի անդամ եւ միջոցառման հանդիսավար տիկին Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի ներկայութեան եւ ապա հրաւիրեց բոլորը Brunch/ նախաճաշի գեղեցիկ սեղանին:
Պաշտօնական արարողութիւնը սկսաւ տիկին Քրմոյեան-Խոտանեան ներկայացնելով ՀԿԲՄ-ի առաքելութեան հակիրճ պատմութիւնը եւ կրթանպաստներու հիմնադրամի գլխաւոր նպատակները:
Ապա, ջութակի կատարումով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ եւ խոստմնալից արուեստագէտ՝ Տիգրան Մելիքեանը՝ նուագելով Պախի Minuets 1 and 2 from Partita No. 3 կտորը:
Դոկտ. Լինտա Կէրկէրեան-Մկրտիչեան հմայեց ներկաները՝ ասմունքելով Համօ Սահեանի «Տարիներս» բանաստեղծութիւնը:
Օրուայ գլխաւոր բանախօսն էր Նորթրիճ համալսարանի քիմիայի փրոֆ., գիրքերու հեղինակ՝ Դոկտ. Գագիկ Մելիքեան: Ան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ հայերու բացակայութեան Ամերիկեան բարձր քաղաքական բեմէն, գիտահետազօտական կեդրոններէն եւ համալսարաններէն ներս: Փրոֆ. Մելիքեանի կարծիքով հայկական ներկայութիւնը՝ այդ կեդրոններէն ներս ընկերային ու քաղաքական մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր ժողովուրդին վրայ: Դոկտ. Մելիքեանի բարձրացուցած հարցերը խորհրդածելու առիթ կը ծառայեն ուսանողներուն:
Այնուհետեւ պարգեւատրման արարողութիւնը ղեկավարեց Յանձնախումբի անդամ՝ Դոկտ. Ռոզին Տէր-Դաւիթեան: Անդրադառնալով ՀԿԲՄ-ի տեսլականին` բարելաւելու երիտասարդութեան կեանքը ուսման միջոցաւ, ան բացատրեց, թէ Կրթանպաստներու Հիմնադրամի գլխաւոր նպատակն է խրախուսել երիտասարդները բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու եւ հայ համայնքի կեանքէն ներս ծառայելու:
ՀԿԲՄ-ի 2022-2023 կրթանպաստներուն արժանացան հետեւեալ ուսանողները.
Միացեալ Նահանգներ.
Մարալ Գուրգէնեան, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա – GPA 4.02
Յաճախելով Սանթա Պարպարայի համալսարանը` Մարալ կ՛ուսանի նախաքիմիայ` նպատակ ունենալով ուսումը շարունակել բժշկութեան, մասնաւորապէս դեղագործութեան մէջ:
Ան գործնական մասնակցութիւն ունեցած է յատկապէս Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ:
Գրիգոր Մազմանեան, Սիերա Մատրէ, Քալիֆորնիա – GPA 4.4
UCLA Համալսարանէն ներս Գրիգոր պիտի մասնագիտանայ Էլեկտրաճարտարագիտութիւն ճիւղին մէջ: Գրիգոր անդամակցած է Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտներուն:
Քարինա Մեսսերլեան, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա – GPA 4.3
Յաճախելով Ֆրեզնոյի Քալիֆորնիա Նահանգային Համալսարան Քարինա պիտի հետեւի Liberal studies ճիւղին: Ան եղած է ՀՄԸՄևի սկաուտ նաեւ մարզիկ եւ անդամակցած է Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ երիտասարդական շարժումին:
Էտկար Սահակեան, Նորթ Հիլզ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ – GPA 4.5
UCLA համալսարանի հոգեբանութեան 3-րդ տարուայ ուսանող: Էտկար եղած է
Գէորգեան պարարուեստի ակադեմիայի անդամ, ղեկավար եւ ճամբարի խորհրդատու: Սահակեան կը գործէ Համալսարանի մէկէ աւելի ուսանողական միութիւններէն ներս եւ կ՛անդամակցի UCLA-ի Հայ Ուսանողներու Միութեան:
Մէյսին Թոփուզեան, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա – GPA 4.22
Յաճախելով Ֆրեզնոյի Նահանգային համալսարան ան պիտի հետեւի Liberal studies ճիւղին: Մէյսին եղած է Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան անդամ: Ան մասնակցած է բազմաթիւ ծրագիրներու, որոնցմէ վերջինը արցախեան պատերազմի մասնակից զինուորներուն ի նպաստ հանգանակութեան:
Հայաստան եւ Լիբանան.
Յառաջիկայ շաբաթներուն ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստները պիտի յանձնուին Հայաստանի եւ Լիբանանի ընտրեալ ուսանողներուն Երեւանի եւ Պէյրութի տեղական մասնաճիւղերուն միջոցաւ:
Արուսեակ Սերոբեան, Երեւան, Հայաստան
Սովորելով Երեւանի Պետական համալսարանի Ֆինանսական/տնտեսագիտական գոլէճը պիտի ուսանի վարչագիտութիւն:
Միսակ Գույումճեան, Երեւան, Հայաստան
Յաճախելով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան` Գույումճեան ընտրուած է փաստաբանութեան մագիստրոս ծրագիրին:
Կասիա Նորշահեան, Պուրճ Համուտ, Լիբանան
Յաճախելով Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանը ան պիտի մասնագիտանայ հիւանդապահութեան ճիւղին մէջ: Նորշահեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճէն:
Կարինէ Թանկեան, Պէյրութ, Լիբանան
Կարինէ Թանկեան կ’ուսանի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս մասնագիտանալով հիւանդապահութեան ճիւղին մէջ: Ան շրջանաւարտ է Պէյրութի Սահակեան Լեւոն-Մկրտիչեան Գոլէճէն:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ կամ նուիրաբերելու համար այցելել մեր կայքը` www.aebu.org: