ՀԿԲՄ-ի ԿՐԹԱՆՊԱՍՏՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ ԲԱՑ Է 2021-2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐՈՒն ՀԱՄԱՐ
Փասատինա, Քալիֆորնիա. Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կրթանպաստներու Յանձնախումբը հաւատարիմ իր առաքելութեան,ամենամեայ կրթաթոշակային ծրագրի միջոցով ներդրումներ կը կատարէ մեր երիտասարդութեան ապագայի ուղղութեամբ` յոյս ունենալով, որ ան արդիւնաբեր կը հանդիսանայ հայ համայնքին:
Ուստի, մեզ համար հաճելի է յայտարարել 2021-2022 տարեշրջանի ՀԿԲՄ-ի կրթանպասատային ծրագրի բացումը: Կրթանպաստներ(իւրաքանչիւրը մինչեւ 1500 ԱՄՆ տոլար) պիտի տրամադրուին համալսարանական ուսանողներու, որոնք ներկայիս ընդունուած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող քառամեայ համալսարաններէն ներս:
Դիմողները պէտք է ըլլան հայկական ծագումով, ունենան նուազագոյնը 3.5 GPA եւ գործունեայ ըլլան հայկական համայնքէն ներս:
Այս պայմանները լրացնող ուսանողները կրնան այցելել https://aebu.org/our-programs/scholarship/ կայքը` յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ դիմումնագրեր ստանալու համար: Դիմումները կրնան ներկայացուիլ մինչեւ Յունիս 30, 2021, առցանց եւ կամ նամակատան միջոցաւ, ուղարկելով հետեւեալ հասցէին` AEBU Scholarship Committee, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել 626-344-7321 թիւին:
ՀԿԲՄ իր տարեկան նպաստները կը յատկացնէ մրցակցական հիմունքներով եւ վերանայումէ ետք: Անցեալ տարի, ՀԿԲՄ-ի Կրթանպաստի Յանձնախումբը ընտրած էր վեց տաղանդաւոր համալսարանական ուսանողներ` գնահատելով անոնց ակադեմական կարողութիւնները եւ համայնքէն ներս ունեցած գործունէութիւնը:
Այս տարուայ արդիւնքները պիտի յայտարարուին առցանց` Օգոստոս 1, 2021-ին:
Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը հիմնուած է 1969-ին խումբ մը նուիրեալներու կողմէ, որոնք հաւատացած են կարիքաւոր ուսանողներուն օգտակար դառնալու առաքելութեան: Մենք կը հաւատանք, որ ուսանողական նպաստները կարեւոր ներդրումներ են մեր երիտասարդներու կրթութեան` կերտելու համար աւելի փայլուն ապագայ մը: Մեր ծրագիրներուն օժանդակելու համար կը խնդրենք այցելել https://aebu.org/donate/ կայքէջը: