Լիբանանի ՀԿԲՄ-ի Ամանորեայ Նուէրը Կարիքաւոր Ընտանիքներու

Լիբանանի տագնապահար իրավիճակին մէջ եւ տօնական օրերու առիթով, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան վարչութիւնը, հաւատարիմ մնալով կարիքաւորներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու իր առաքելութեան, որոշեց իր նպաստը բերել կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակելու եւ անոնց օգտակար դառնալու աշխատանքին մէջ: Առ այդ, վարչութիւնը կազմակերպեց ուտեստեղէնի նպաստահաւաքի արշաւ մը, ունենալով «Տօնենք Միասնաբար» կարգախօսը:
Կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն օգտակար դառնալը իր տարրական պարտականութիւններէն մին համարելով, Հ.Կ.Բ.Մ.-ը իր կրթական եւ բժշկա-ընկերային ծառայութիւններուն առընթեր, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին զանազան տեսակի ուտեստներ պարունակող սնտուկներ պատրաստեց ու բաշխեց Պէյրութի Նոր Հաճնոյ եւ գրեթէ բոլոր հայահոծ թաղամասերուն մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներուն, գոնէ այդ ձեւով մասամբ թեթեւցնելու համար անոնց բեռը լիբանանեան տնտեսական այս տագնապալի օրերուն:

Բարերար եւ բարեգործ հայրենակիցներու նիւթական մասնակցութեամբ, Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նոր Հաճնոյ ՀԿԲՄ-ի դարմանատան մէջ բաշխուեցան պատրաստուած սնտուկները, որպէսզի այդ հայ ընտանիքները Նոր Տարին դիմաւորեն սփոփուած հոգիով եւ ուրախ սրտով:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան «Տօնենք Միասնաբար» արշաւին եւ ուրախացուցին հայ ընտանիքներ: ՀԿԲՄ-ի վարչութիւնը կը շնորհաւորէ բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը: